ՀՈՂԷՆ ԿԸ ՓԱԽՉԻ՝ ՀՈՂԻ ԿԱՐՕՏԸ ՍՐՏԻՆ Դկտ. Յակոբ Չոլաքեան Գետնասահքի ենթարկուած գետին էր. սահեր-շարժեր, սահեր-շարժեր էր, ինչպէս մաղէ անցած կալի ցորենը. հողը իջեր էր ընդերք կամ մաշեր գացեր, գիտինը դարձեր քարաստան-խճաստան: Ու Հաննա ամմին առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ծունկի եկած ափ-ափ, հատ-հատ խիճերը կը լեցնէր զամբիւղին մէջ, կը տանէր կը թափէր վարի անկիւնը, այնքան որ եգիպտական բուրգ մը եղեր էր հոն: ՛՛Ինչ կ՛ընես՛՛ հարցնող չէր ըլլար, որովհետեւ միայն ինք չէ, կողքին՝ եղբայրն ալ եւ շատ ուրիշներ նոյն բանը կ՛ընէին. քարէն հող կը մաղէին, արտ կը բանային: Ետին բացուած գիտնին մէջ ալ հող չէր երեւեր, ճերմակին տուող մանրիկ խիճերով ծածկուած արտ էր: Որքան ալ պեղէր՝ նոյնը պիտի ըլլար: Ինչ ընէր, ասիկա էր իր հողը, իսկ հողին պիտի նայիս, որ հողը քեզի նայի: 1939-ին Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ սահմանագծումին հետեւանքով Թուրքիոյ կցուեցան Քեսապի շրջանին հիւիւսային եւ հիւսիս արեւելեան մասերը, շրջանին կէսէն աւելին: Յանկարծ՝ իր տան շեմին կանգնած գիւղացին, շա՛տերը, ա՛լ երթալիք տեղ չունեցան, ո՛չ ցանքի արտեր մնացին, ո՛չ ձիթաստան...